2013-12-29 12:59:44

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ։


Կիրակի, 29 դեկտեմբեր, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց` 2013-ի վերջին կիրակիի, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ի ներկայութեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ''Սուրբ Ընտանիքի'' տօնին որ կը նշուի Սուրբ Ծնունդը յաջորդող առաջին կիրակին։

Աստուած` – ըսաւ Քահանայապետը - ուզեց ծնանիլ մարդկային ընտանիքի մէջ եւ ուզեց ունենալ հայր ու մայր մը։ Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն ( Մատթ 2,13-15.19-23), ուր կը պատմուի Սուրբ Ընտանիքի Եգիպտոս փախուստի մասին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Ընտանիքի ապրած գաղթականութեան իրավիճակին որ յատկանշուած է վախով, անվստահութեամբ եւ դժուարութիւններով։ Ան հուսկ ակնարկեց թէ ինչպէս ներկայ օրերուն եւս` միլիոնաւոր ընտանիքներ կ՛ապրին նոյն դժբախտ փորձառութիւնը փախչելով պատերազմներէն, արժանավայել կեանքի մը փնտռտուքով ։
Յիսուս ուզեց պատկանիլ ընտանիքի մը եւ փորձարկեց այդ պայմանները որպէսզի ոչ մէկը ինքզինք զրկուած զգայ Աստուծոյ սիրալիր մօտիկութենէն – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց - Աստուած այնտեղ է, ուր մարդը կը տառապի եւ վտանգի կ՛ենթարկուի եւ այնտեղ է ուր մարդը կ՛երազէ ու կը յուսայ ազատօրէն վերադառնալ իր երկիրը, հոն կառուցելու համար իրեն ու իր ընտանիքին ապագան, հիմնուած արժանավայել կեանքի վրայ։
Այսօր մեր նայուածքը ուղղենք Սուրբ Ընտանիքին, որուն օրինակը մեր ընտանիքներուն բարիք մըն է – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը - ու հրաւիրեց բոլոր ընտանիքները իրազեկ դառնալու իրենց` Եկեղեւոյ ու ընկերութեան մէջ ունեցած կարեւորութեան։ Աւետարանի հռչակումը արդարեւ` -հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - կ՛անցնի ընտանիքներէն, հասնելու համար առօրեայ կեանքի զանազան տարածքներուն։

Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամի, Յիսուսի ու մեր Մօր եւ Սուրբ Յովսէփի` Անոր փեսային, բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ լուսաւորեն, մեզի թիկունք կանգնին ու առաջնորդեն մեզ, որպէսզի աշխարհի ամէն մէկ ընտանիք կարենայ արժանաւորութեան եւ անդորրութեան մէջ կատարել, Աստուծոյ իրեն յանձնած առաքելութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան աւարտին ու ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, նշելով թէ յառաջիկայ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի նիւթը, որուն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են, պիտի ըլլայ <<ընտանիքը>>։ Կ՛ուզեմ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – Յիսուսի Մարիամու եւ Սուրբ Յովսէփին հովանիին յանձնել սիւնհոդոսական աշխատանքները, աղօթելով աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն համար։ Ան ապա հրաւիրեց բոլորը իրեն միանալու Սուրբ Ընտանիքի յօրինած իր աղօթքին, որուն ''լսատեսողական'' միջոցներով հետեւեցան նաեւ, Մատրիտի մէջ համախմբուած եւրոպացի ընտանիքները, Նազարէթի մէջ` Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան սուրբ Զոհին մասնակիցները ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ աղօթքի մէջ ամփոփուած հաւատացեալները։







All the contents on this site are copyrighted ©.